Ֆութպոլի աշխարհի 2014 թուականի ախոյեանութեան ընտրական փուլի ծիրէն ներս Հայաստանի հաւաքականը
Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին մէջ յաղթեց Պուլկարիոյ խումբին`
2-1: Հայաստանի հաւաքականէն առաջին եւ երկրորդ խաղակէսերու վերջնաւորութեան խփեցին, համապատասխանաբար,
Արազ Օզպիլիսը եւ Եուրա Մովսիսեան: Երկրորդ խաղակէսի մեկնարկէն շատ չանցած հաշուի տարբերութիւնը
հաւասարեցուց Իվելին Պոպովը: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ՀՀ
մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեան եւ ՀՖՖ նախագահ Ռուբէն
Հայրապետեան: Այս խաղէն ետք Հայաստանի հաւաքականը ունի 12 միաւոր, իսկ պուլկարացիները`
13: Հայաստանի հաւաքականը վերջին պտոյտին, Հոկտեմբեր 15-ին պիտի մրցի Իտալիոյ, իսկ
Պուլկարիոյ հաւաքանը`Չեխիոյ ընտրանիին հետ: