13 Ո՛չ մէկը երկինք
բարձրացաւ, բացի անկէ` որ երկինքէն իջաւ, մարդու Որդին` որ երկինքն է: 14 Եւ ինչպէս
Մովսէս բարձրացուց օձը անապատին մէջ, այնպէս պէտք է որ բարձրանայ մարդու Որդին. 15
որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր` չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը: 16 Որովհետեւ
Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ [մինչեւ անգամ] տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ
որ հաւատայ անոր` չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը: 17 Քանի որ Աստուած
աշխարհ ղրկեց իր Որդին` ո՛չ թէ աշխարհը *դատապարտելու, հապա` որպէսզի աշխարհը փրկուի
անով: 18 Ա՛ն որ կը հաւատայ անոր` չի *դատապարտուիր, իսկ ա՛ն որ չի հաւատար` անիկա
արդէն դատապարտուած է, որովհետեւ չհաւատաց Աստուծոյ միածին Որդիին անունին: 19 Սա՛
է *դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ սիրեցին խաւարը` փոխանակ լոյսին,
քանի որ իրենց գործերը չար էին: 20 Որովհետեւ ո՛վ որ չարիք կը գործէ, անիկա կ'ատէ
լոյսը եւ չի գար լոյսին քով, որպէսզի չկշտամբուին իր գործերը: 21 Բայց ա՛ն որ կը կիրարկէ
ճշմարտութիւնը` կու գայ լոյսին քով, որպէսզի իր գործերը յայտնաբերուին թէ գործուեցան
Աստուծմով”: