2014-02-04 09:35:15

Զինեալ յարձակում Մոսկուայի դպրոցներէն մէկուն մէջ


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի թիւ 263 դպրոց ներխուժած է բարձր դասարանէն աշակերտ մը, որ զինուած էր, եւ պատանդ բռնած 10-րդ դասարանի աշակերտներն ու կենսաբանութեան ուսուցիչը:
Լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ներքին գործոց նախարարութեան տուեալները, կը հաղորդէ, որ սպաննուած են ուսուցիչ մը եւ ոստիկան մը. այլ ոստիկան մը վիրաւորուած է: Պատանդ բռնուած բոլոր աշակերտներն ալ ազատ արձակուած են:
Ըստ «Լայֆնիուզ»-ի, պատանդ բռնուած աշակերտներու շարքին եղած է հայ մը` Ռոման Ալեքսանեան:
Աւելի ուշ ի յայտ եկած է, որ յանցագործը նոյն դպրոցի գերազանց աշակերտ Սերկէյ Կորտիեւն է: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, յարձակումին թիրախը եղած է աշխարհագրութեան 37-ամեայ ուսուցիչը, որ սպաննուած է:
Դէպքը աւարտած է զինեալին ձերբակալութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.