2014-02-05 11:34:56

Եանուքովիչ պատրաստ է արտակարգ ընտրութիւններու


«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատային մէջ նախագահի ներկայացուցիչ Շրջաններու կուսակցութեան անդամ Եուրի Միրոշնիչենքօ «Այ.Սի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Խօսքի ազատութիւն» յայտագիրին ընթացքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ պատրաստ է արտակարգ ընտրութիւններու կայացման, եթէ ներքաղաքական ճգնաժամի յաղթահարման հարցին մէջ կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը փոխզիջում չկատարեն:
Միրոշնիչենքօ` մէջբերելով նախագահին խօսքերը, ըսած է. «Եթէ մենք` քաղաքական գործիչներս, չենք կարենար համաձայնութիւն գոյացնել, ապա ստեղծուած իրավիճակը շտկելու միակ ժողովրդավար տարբերակը արտահերթ ընտրութիւններու կատարումն է: Խօսքը սահմանադրական բարեփոխումներու, խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններու մասին է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.