2014-02-12 09:56:22

«Պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կը ստանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէն» շեշտած է Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի 11 փետրուարին, երկու շաբաթ տեւող այցելութեամբ ժամանած է Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի Կարտինալներու խորհուրդի նիստին, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Նախքան իր մեկնումը, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ տասը ամիսէ ի վեր ինք կ՛ընդգծէ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը:
«Եթէ Լիբանանի մէջ կազմուի այնպիսի կառավարութիւն մը, որ բոլորը կը գոհացնէ, ապա երկրին մէջ պէտք չէ տագնապ ստեղծուի: Համոզուած եմ, որ ներկայիս յարմար առիթը չէ նոր տագնապ մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ` զօր. Միշել Սլէյմանի ու նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի արժանապատուութիւնը չի ներեր, որ կազմուի կառավարութիւն մը, որ խորհրդարանին վստահութեան քուէն չի ստանար: Տասը ամսուան սպասումէ ետք խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանի չեղող կառավարութեան մը կազմութիւնը իրապաշտ մօտեցում չէ», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:
«Պէտք է կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կազմակերպէ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը: Մենք համաձայն ենք այնպիսի կառավարութեան մը, որ երկրին մէջ տագնապ չի ստեղծեր», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.