2014-03-01 08:16:15

Անհանգստութեան պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը առկախեց Հռոմի Քահանայապետական աւագ նորընծայարանի կատարելիք այցելութիւնը։


Ուրբաթ 28 փետրուարի երեկոյեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առկախեց Հռոմի Քահանայապետական աւագ նորընծայարանի կատարելիք այցելութիւնը անհանգստութեան եւ մի քանի աստիճան ջերմի պատճառաւ։
Յայտնենք որ Նորին Սրբութիւնը, Վստահութեան Տիրամօր տօնին առթիւ, երեկոյեան ժամը 6-ին այցելութիւն պիտի կատարէր Հռոմի Քահանայապետական աւագ նորընծայարանը ուր նախատեսուած էր հանդիպոում մը Հռոմի թեմի զանազան դպրեվանքերու ժառանգաւորներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.