2014-03-13 09:38:25

Քառասնորդացի ուրբաթ օրերու խորհրդածութիւնները Վատիկանի մէջ։


Վատիկանի մէջ քառասնորդաց շրջանի աւանդական Պահոց քարոզները սկիզբ կ՛ առնեն ուրբաթ 14 մարտին եւ վերջ կը գտնեն 11 ապրիլին։
Քարոզները կը կատարէ Քահանայապետական տան քարոզիչը` հայր Ռանիէրօ Քանդալամէսսան որուն խորհրդածութիւններու այս տարուայ նիւթն է ''Հսկաներու ուսերուն վրայ։ Մեր հաւատքի ճշմարտութիւնները Լատին Եկեղեցւոյ հայրապետներու ցուցմունքով''։
Ուրբաթ, 14 մարտ, առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի` Redemptoris Mater մատուռին մէջ տեղի կ՛ունենայ քառասնորդաց շրջանի աւանդական Պահոց քարոզներու առաջինը` որ ներածութիւն մըն է վերոյիշեալ նիւթի մասին։
Յաջորդ շաբաթներուն խորհրդածութիւնները պիտի կեդրոնանան Սուրբ Օգոստինոսի, Սուրբ Ամպրոզիոսի, Մեծն Լեւոն ու Մեծն Գրիգորի արտայայտած գաղափարներուն` հաւատքի ճշմարտութեան մասին ու յատկապէս Եկեղեցւոյ էութեան, Քրիստոսի սուրբ Հաղորդութեան մէջ իսկական ներկայութեան, Քաղկեդոնի Քրիստոսաբանութեան վարդապետութեան եւ սուրբ գիրքերու հոգեւոր իմաստութեան մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.