2014-04-03 11:36:55

ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատուն այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին


Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու ընդհանուր պատասխանատու Դոկտ. Վալերի Ամոսը` ընկերակցութեամբ իր անմիջական օգնականներուն: Ամոս կարճ այցելութեամբ կը գտնուէր Լիբանան` մօտէն զբաղելու Լիբանան հաստատուած շուրջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներուն առնչուած հարցերով: Այս մասին կը յայտնեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն:
Վեհափառ հայրապետը նախ իր գնահատանքը յայտնեց Ամոսին` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած իր զեկուցումին մէջ Քեսապի հարցը արծարծելուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ գաղթականներուն գծով իր կատարած աշխատանքներուն համար: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով անոր ուշադրութեան յանձնեց Քեսապի պարագան, եւ մասնաւորաբար Լաթաքիա հաստատուած քեսապցի հայ գաղթականներուն հարցը:
Այս ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետը նաեւ յիշեցուց, որ Սուրիոյ կացութեան բերումով նաեւ կան այլ հայ գաղթականներ, որոնք ապաստանած են թէ՛ Սուրիոյ յարաբերաբար խաղաղ շրջաններուն եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հայ գաղթականներուն անմիջական օժանդակութիւն կատարելու հրամայականը եւ այս գծով իր տրամադրութեան տակ գտնուող յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Վալերի Ամոսին: Վերջինս խոստացաւ իր կարելին ընել օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ հայ գաղթականներուն:
Յայտնենք, որ Ամոս Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Քեսապի հարցով հանդիպումներ ունեցած էր զանազան կողմերու հետ: Ան վեհափառ հայրապետին փոխանցեց ՄԱԿ¬ի շրջանակներուն մօտեցումները Քեսապի հարցին շուրջ եւ խոստացաւ մնայուն կապի մէջ ըլլալ վեհափառ հայրապետին հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.