Թրքական ատեան մը Ուրբաթ, ապրիլ 4ին, ապօրինի նկատեց համացանցային «ԵուԹիւպ» կայքը արգիլելու
կառավարութեան որոշումը, միաժամանակ արտօնութիւն տալով կառավարութեան, որ նոյն կայքին
վրայ խնդրոյ առարկայ 15 էջերու արգելքը հաստատ պահէ: Սահմանադրական ատեանը մէկ օր
առաջ ապօրինի նկատած էր նաեւ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի օգտագործումը արգիլելու որոշումը:
Ըստ հաղորդուած տեղեկութեանց՝ Ապրիլ 3ի երեկոյեան, Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր»ը սկսած է անխափան
աշխատելու, սակայն Ուրբաթ գիշերուան տուեալներով՝ «ԵուԹիւպ»ին միանալու ջանքերը տակաւին
կը ձախողէին: «ԵուԹիւպ»ի հարցով կառավարութեան որոշումին դէմ դատ բացած էր Թուրքիոյ
իրաւաբաններու միութիւնը՝ նշելով, որ արգելքը խոտոր կը համեմատի Թուրքիոյ սահմանադրութեան
26րդ յօդուածին: