2014-05-02 13:22:02

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Տնտեսութեան Խորհուրդի'' անդամներուն ուղղած ողջոյնի խօսքը։


Վատիկանի ''Տնտեսութեան նորաստեղծ խորհուրդի'' անդրանիկ ժողովի մասնակիցներուն հանդիպելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, անոնց ուղղեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց թէ ինչու անցեալ 24 փետրուարին ստեղծած է այս խորհուրդը եւ ընդգծեց անոր պարտականութիւնն ու առաքելութիւնը, ''պահպանելու եւ մատակարարելու եկեղեցւոյ ինչքերը, անոր աւետարանական առաքելութեան լոյսին տակ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով աղքատներուն''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա մատնանշեց Խորհուրդի յատուկ գոծունէութեան ու անոր դերակատարութեան, ի սպաս Սուրբ Աթոռի եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ ու ապա հաստատեց թէ խորհուրդը կը ներկայացնէ Տիեզերական Եկեղեցին, իր 8 կարտինալներով եւ եօթը աշխարհական անդամներով, որոնք աշխարհի հինգ ցամաքամասերը կը ներկայացնեն։ Ան ապա շետեց թէ Խորհուրդի աշխարհական անդամները երկրորդ դասակարգի անդամներ չեն։ Խորհուրդի գործունէութիւնը շատ կարեւոր է եւ հիմնապէս պիտի սատարէ Հռոմէական Քուրիայի եւ Սուրբ Աթոռի մատակարարական հաստատութիւններու գործունէութեան։
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը բարի աշխատանք մաղթեց ներկաներուն, անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.