2014-06-11 09:28:54

Եգիպտոսի նորընտիր նախագահը կը մեծարէ Ղպտի եկեղեցին եւ կը գնահատէ անոր սատարը ազգային միութեան պահպանումին ի խնդիր։


Երդման արարողութեան ընթացքին, Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ` մարաջախտ Ապտել ֆաթահ ալ Սիսի, մեծարեց Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայ եւ անցեալի դերը ազգային միութեան պահպանումին ի խնդիր։
Ան ընդգծեց թէ Ալ Ազհար սիւննի համալսարանի հետ միասին, Ղպտի եկեղեցին միշտ ունեցած է կարեւոր դեր մը` ազգին կեանքին մէջ ու նպաստած է երկրի բարգաւաճումին։ Երդման արարողութեան, նախագահ ալ Սիսի, երկրի բարձրագոյն իշխանութիւններու կարգին հրաւիրած էր նաեւ Պպտի Օրթոտոքս Թաուարտոս Պատրիարքը եւ ալ Ազհարի ալ Թայէպ Իսլամ կրօնապետը, որոնք քով-քովի առաջին շարքին վրայ նստած էին։








All the contents on this site are copyrighted ©.