2014-06-11 11:21:16

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները` Աստուծոյ Երկիւղը։


Չորեքշաբթի, 11 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, աւանդական ունկնդրութիւն շնորհեց, այնտեղ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Անոնց արտասանած ճառին մէջ, շարունակելով Սուրբ Հոգւոյ պարգեւներուն մասին իր խորհրդածութիւնները, Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ Երկիւղի պարգեւին վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւՍրբազան Հայրը, Աստուծոյ Երկիւղի պարգեւը, որուն մասին կը խորհրդածենք այսօր, կ՛եզրափակէ Սուրբ Հոգւոյն եօթը պարգեւներու խորհրդածութիւնները։ Աստուծոյ Երկիւղ չի նշանակեր վախ ունենալ Աստուծմէ։
Մենք գիտակից ենք թէ Աստուած Հայր է, թէ մեզ կը սիրէ ու մեր փրկութիւնը կ՛ուզէ, եւ ասօր համար պատճառ չկայ Անորմէ վախնալու։ Աստուծոյ Երկիւղը` Սուրբ Հոգւոյն շնորհքն է որ մեզի կը յիշեցնէ որքանով մենք փոքր ենք Աստուծոյ ու Անոր սիրոյ դիմաց եւ թէ մեր բարիքը կը գտնենք խոնարհութեամբ, յարգանքով եւ վստահութեամբ անոր ձեռքերուն մէջ յանձնուելով։
Սրբազան Հայրը ապա նշեց Աստուծոյ Երկիւղի պարգեւին յատկութիւնները. Երբ Սուրբ Հոգին կը բնակի մեր մէջ, մեզի կու տայ մխիթարութիւն ու խաղաղութիւն ու մեզ կը մղէ գիտակցելու թէ Աստուծոյ Երկիւղի պարգեւի միջոցաւ կարեւորագոյնը կը դառնայ թոյլ տալ որ Յիսուսը մեզ առաջնոդէ իր Հօր բազուկներուն մէջ։
Այս պարգեւը մեզ գիտակից կը դարձնէ թէ ամէն բան կը բխի շնորհքէն ու թէ մեր իսկական ուժը կը կայանայ Յիսուսին հետեւելու մէջ, յոյսով եւ վստահութեամբ։ Աստուծոյ Երկիւղը նաեւ նախազգուշացում մըն է մեղքի նկատմամբ, չյարատեւելու մեղքի ճանապարհի վրայ։ Երբ անձ մը վատ կեանք մը կ՛ապրի, կը հայհոյէ Աստուծոյ դէմ, երբ ուրիշները կը չարաշահէ, երբ անոնց վրայ կը տիրապետէ, երբ կ՛ապրի միմիայն դրամի եւ փառքի համար, այն ժամանակ Աստուծոյ Երկիւղը մեզ կը հանդիմանէ` ''ուշադիր, այսպէսով երջանիկ չես ապրիր, վերջդ գէշ է''։ Այս ուղղութեամբ կը մտածեմ այն անձերուն որոնք ուրիշներու պատասխանատուութիւնն ունին ու շատ անգամ կաշառակերութեան զոհ են, անոնց որոնք կը շահագործեն մարդավաճառութիւն եւ ստրկային աշխատանքը, կը մատծեմ անոնց որ զէնքեր կ՛արտադրեն պատերազմներ հրահրելու համար։ Թող Աստուծոյ Երկիւղը անոնց հասկցնէ թէ օր մը ամէն ինչ վերջ կը գտնէ ու թէ հաշիւ պիտի տան Աստուծոյ առջեւ – ըսաւ Քահանայապետը իր ճառի աւարտին ու ապա հրաւիրեց` Հայցել Տիրոջմէ շնորհքը միացնելու մեր ձայները աղքատներու ձայնին, եւ ընկալելու Աստուծոյ Երկիւղի պարգեւը, որուն միջոցաւ, անոնց հետ միասին, կարենանք զգենուլ Աստուծոյ, մեր Հօր` ողորմութիւնն ու Անոր սէրը։
Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Յունիս ամսուայ ընթացքին ծէսը մեզ կը հրաւիրէ աղօթելու Յիսուսի Սուրբ Սրտին։ Այս ջերմեռանդութիւնը ձեզի` սիրելի երիտասարդներ, սորվեցնէ սիրել միեւնոյն խանդով, ձեզ ուժեղ դարձնէ ձեր առօրեայ խաչն ու տառապանքը կրելուն մէջ, սիրելի հիւանդներ, ու ձեզի սիրելի նորապսակեալներ` ըլլայ նեցուկ ձեր ընտանիքները կառուցելու Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ երկիւղի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.