2014-10-09 09:26:25

Խօսէ ինծի Հայ եկեղեցիի մասին


Միաստուածութիւ՞ն թէ բազմաստուածութիւն

Կրօններու պատմութիւնն ուսումնասիրելու միջոցին, տեղեկացան որ ժողովուրդներէն ոմանք մեծարած են միայն մէկ Աստուած, իսկ ուրիշներ բազմաթիւ չաստուածներ պաշտած են: Արդեօք այս երկու պաշտամունքի ձեւերէն ո՞ր մէկը աւելի կանուխ սկիզբ առած է, միաստուածութիւ՞նը թէ բազմաստուածութիւնը:
Այս հարցին մասին գիտնականներուն պատասխանները կը տարբերին: Ըստ ոմանց (Վ. Վունտ)` մարդս բնութեան զանազան ուժերուն (արեւին, լուսնին, կրակին, եւն.) մէջ աստուածներ տեսնելով` նախ բազմաստուածու-թեան հետեւած է: Յետագային, բնութեան այս ուժերուն աստուածացումին աւելցուցած է հերոսներուն եւ դիւցազներուն աստուածացումը: Ըստ Եւմե-րոս Մեսենացիին (Ք. Ա. 4.դարուն վերջերը) աստուածները նախ մարդիկ եղած են, որոնց բացառիկ քաջութեան կամ իմաստութեան համար` ժողվուրդին երեւակայութիւնը զանոնք բարձրացուցած է աստուածներուն կարգին:
Սակայն ըստ այլ ընկերաբաններու, (Ա. Լէնկ), մարդը իր պաշտամունքին մէջ միաստուածութեամբ սկսաւ, որ կրօնի մը զարգացման առաջին հանգրուանն եղաւ: Յետագային է որ, մարդը հետզհետէ անցաւ բազմաստուածութեան:
Լէնկ իր այս եզրակացութեան յանգելու համար` հիմնուեցաւ քաղաքակր-թութեան ամէն շփումէն հեռու մնացած ասիական, ափրիկեան եւ ամերիկեան ցեղախումբերուն մօտ կատարած իր հետազօտութիւններուն վրայ: Ան այս բոլոր ժողովուրդներուն մօտ գտաւ մէկ ու գերագոյն աստուծոյ մը գոյութեան համոզումը:
Ըստ այս տեսութեան, նախամարդը բնութեան բոլոր ուժերը մէկ գերագոյն ուժի ենթարկած է: Այս գերագոյն ուժը ոգի մը չէ, այլ անձնաւորեալ էակ մը, որ մարդուն մնան մարմին ունի: Ան յաւիտենական է, ամենազօր, տէր կեանքի եւ բարոյականի:
Ցաւին ու չարին գոյութիւնը եւս մարդը պիտի մղէ բազմաստուածութեան երբ ան պիտի հաւատայ թէ չար եւ բարի տարբեր աստուածներ կան: Մարդը իր յաջողութիւնները, ինչպէս` բեղմնաւորումը կամ տարած յաղթա-նակները պիտի վերագրէ բարի աստուածներուն, իսկ ձախողութիւնը, մահը`չար աստուածներուն:

(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)








All the contents on this site are copyrighted ©.