2014-10-28 08:58:23

Կրնա՞յ Քրիստոնեայ մը ուրախ ըլլալ երբ իր եղբայրները տրտում վիճակի մէջ են:


RealAudioMP3 Քրիստոնեայի ուրախութիւնը կախեալ է իր ունեցած կապակցութենէն Աստուծոյ հետ: Որքան այդ կապը զօրաւոր է, այդքան ուրախութիւնը կ'աւելնայ քրիստոնեային սրտին մէջ:
Իր հռոմէացիներուն գրած նամակին մէջ (Հռոմ 12, 15), Սուրբ Պռղոս կը հրաւիրէ Քրիստոսի հետեւողները ուրախանալու ուրախներուն հետ, եւ տրտմելու տխրողներուն հետ: Ուրիշ խօսքով, քրիստոնեան պարտի մասնակից ըլլալ իր եղբայրներուն թէ ուրախութեան եւ թէ տրտմութեան:
Ամէնօրեայ գործնական կեանքին մէջ, մեր արտայայտած արտաքին ուրախութիւնը կրնայ ժխտական կերպով մեկնաբանուիլ տխուր անձի մը կողմէն եւ նոյնիսկ մեր տարած նուաճումները զիրենք ուրախացնելու տեղ մէջէրնին կը ստեղծեն նախանձ եւ յուսահատութիւն:
Ինչպէ՞ս պէտք է վարուիլ ուրեմն երբ դիմացը կը գտնենք եղբայր մը որ ժխտական եւ յոռետես կերպով կը դատէ իր շուրջինները որոհետեւ կը գտնուի տրտում կամ յուսալքուած վիճակի մը մէջ:
Փիլիպպեցիներուն նամակին մէջ (4, 5), Սուրբ Պօղոս կը բացատրէ իմաստը այս քրիստոնէական ուրախութեան: Այս ուրախութիւը արտաքին արտայայտութիւն մը չէ ըստ Սուրբ Պօղոսին, այլ կը ցոլացնէ մեր սրտին բարութիւնը իբր հետեւանք մեր բարեկամութեան Աստուծոյ հետ: Այս ուրախութիւնը կրնանք փոխանձել անոր որ պէտք ունի, մեր վարուելակերպով եւ կեցուածքով, որոնք դրական արդիւնք կրնան ունենալ անձի մը համար որ կ'ապրի տխուր կամ յուսախաբ վիճակի մը մէջ:
Ձմեռուայ պաղ եղանակին ընթացքին ամէն անձ կը փնտռէ վառարանին տուած տաքութիւնը: Նմանապէս մենք եւս ուրիշին հանդէպ վարուելով եղբայրասիրութեամբ եւ բարութեամբ, կը յաջողինք անոր սիրտը լեցնել յոյսով ես սիրով եւ փառատել տխրութեան եւ յուսահատութեան գաղափարները:
Այս մեր կեցուածքը պտուղն է Սուրբ Հոգւոյն ներդումին մեր սրտին մէջ որ մեր սիրտը լեցնելով Աստուածային շնորհքով եւ ուրախութեամբ մեզ կը հրաւիրէ զայն բաժանելու մեր եղբայրներուն հետ որոնք զրկուած են անոնցմէ: Մէկ խօսքով, մեր դրական կեցուածքը պիտի պարգեւէ այդ ուրախութիւնը եւ սրտի հանդարտութիւնը որ արդիւնքն են Աստուծոյ ներկայութեան մեր մէջ: Շնորհիւ այս կապին, պիտի կարենանք անոնց փոխանցել մեր ներքին ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ ուժ եւ քաջութիւն որոնք պիտի օգնեն իրենց այս ժխտական վիճակէն դուրս ելլել՝ ճանչնալու համար գաղտնիքը քրիստոնէական ճշմարիտ ուրախութեան:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.