2014-12-12 13:20:27

Աղքատներու ի պատիւ ընթրիք՝ Վատիկանի Սրբուհի Աննայի ժողովրդապետութեան մէջ։


(Ռ.Վ.12 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 11 դեկտեմբերի երեկոյեան, Վատիկանի Սրբուհի Աննայի ժողովրդապետութեան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի՝ աղքատներ կոչուած, աւելի քան հարիւր աղքատներ, ներկայ գտնուեցան, իրենց ի պատիւ սարքուած ընթրիքին՝ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ ։
Ընթրիքին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Քահանայապետի ողորմնաբաշխ՝ գերապայծառ Քոնրատ Քրաժէվսքին, որ ներկաներուն փոխանցեց Ֆրանչիսկոս Պապի ջերմ ողջոյններն ու Ծննդեան տօնի յատուկ պարգեւները։
Բարերարներու կողմէ կազմակերպուած այս ընթրիքը տեղի ունեցաւ սիրալիր ու գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ, զանազան ազգերու եւ կրօններու պատկանող աղքատներու մասնակցութեամբ, որոնց խնամակալութիւնը, բոլոր տարւոյն ընթացքին, յանձնուած է Սրբուհի Աննայյի ժողովրդապետութեան։
Յայտնենք թէ յառաջիկայ՝ 19 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9,00 ին, Սրբուհի Աննայի եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի եւ արարողութեան աւարտին աղքատներուն պիտի բաշխուին սուրբ Ծննդեան տօնի պարգեւները։








All the contents on this site are copyrighted ©.