Հայաստան դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան լիիրաւ անդամ։
Հայաստան 2 յունուար 2015-էն կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ,
սակայն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ներկայանայ փոքր
կազմով` մինչեւ անոնց լիազօրութիւններուն աւարտը: Մինչեւ 2015-ի աւարտը, մինչեւ աւարտի
անոնց լիազօրութիւններու ժամկէտը, Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի կազմին
մէջ պիտի ներկայանայ երեք անդամներով, որոնք քուէարկութիւններու ընթացքին պիտի ունենան
մէկ ձայն: Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածք ներածուող ապրանքներու մաքսատուրքերուն
բաշխման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի շահաբաժինը պիտի կազմէ 1,13 առ հարիւր: Նոյն ատեն Պիելոռուսիոյ
բաժինը պիտի կրճատուի` 4,7 առ հարիւրէն 4,65 առ հարիւրի, Ղազախստանինը` 7,3 առ հարիւրէն
7,25 առ հարիւրի, իսկ Ռուսիոյ բաժինը` 88 առ հարիւրէն 86,97 առ հարիւրի: Ծառայութիւններու
մարզին մէջ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամներու համաձայնութիւններուն
պիտի միանայ ընդհանուր հիմունքներով, իսկ առեւտուրի մարզին մէջ նախատեսուած է աստիճանական
անցում Եւրասիական տնտեսական միութեան միասնական մաքսային սակագինին` մինչեւ 2022: Մինչեւ
2022 Հայաստան պիտի կարենայ կիրարկել Եւրասիական տնտեսական միութեան դրոյքներէն տարբեր
մաքսատուրքեր շարք մը ապրանքներու համար, ներառեալ` միսի եւ մտամթերքի: Մինչեւ 2020 հանրապետութեան
համար պիտի գործէ առանձին սակագին որոշ կաթնամթերքի, հաւկիթի, մեղրի, իսկ մինչեւ 2019`
միրգերու որոշ տեսակներու համար: Բացի ատկէ, Հայաստանը մինչեւ 2018 զերոյական մաքսատուրքեր
պիտի կիրարկէ պենզինին համար, իսկ միասնական մաքսային սակագինին անցում պիտի կատարէ 2020-ին: Եւրասիական
տնտեսական միութեան անդամակցելու կապակցութեամբ Հայաստան բանակցութիւններու պիտի սկսի
Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հետ` իր պարտաւորութիւններուն փոփոխութեան շուրջ: Ռուսիոյ
արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին
գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորած
է իր հայ պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանը Հայաստանի` պաշտօնապէս Եւրասիական տնտեսական
միութեան անդամակցելուն առիթով: