2015-01-10 10:25:14

Մարոնիթներու Պատրիարքը Կարդինալ Ռաի այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով, Մարոնիթներու Պատրիարքը՝ Կարդինալ Պշարա Ռաի, Երեքշաբթի, 7 Յունուարի յետմիջօրէին այցելեց ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութեան մը։
Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով, շնորհաւորութիւններու ու բարեմաղթանքներու փոխանակումէն ետք, երկու համայնքապետրուն միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց Միջին Արեւելքի կացութիւնը ընդհանրապէս եւ շրջանի քրիստոնեաներուն ծանրակշիռ վիճակը, որ խորապէս կը մտահոգէ քրիստոնեայ համայնքապետերը։ Այս կապակցութեամբ, Պատրիարք Ռաի հրաւիրեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը մասնակցելու պատրիարքներու խորհրդակցական ժողովին որ տեղի պիտի ունենայ Յունուարի վերջը։
Նշենք, թէ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, ուրբաթ, 9 յունուարին, Պքերքէի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան որոշումը ուղղակիօրէն կախեալ է շրջանին մէջ սիւննի-շիի տագնապէն` աւելցնելով, որ այդ իմաստով Սէուտական Արաբիա եւ Իրան հիմնական խօսք ունին: Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցին կը լուսաւորէ մարդ անհատին խիղճը եւ քաղաքական ոչ մէկ ուղեգիծ կրնայ որդեգրել: «Դժբախտաբար այս օրերուն մենք ականատես կ՛ըլլանք քրիստոնէութեան դէմ տեղեկատուական արշաւներու», ըսաւ ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.