2015-02-14 13:06:27

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ։


Այս հաղորդաշարին մէջ պիտի անդրադառնանք մեծ եղեռնի եւ այլ կոտորածներու՝ ներկայացնելով մեզի ծանօթ, կատարուած եւ ընթացքի մէջ գտնուող ծրագիրներ, աշխատանքներ եւ հրատարակութիւններ, պատմական յուշեր, քննադատութիւններ, հոգեբանական վերլուծումներ, մշակութային կորուստ եւն.

Այսօրուան հաղորդումին մէջ կը ներկայացնենք Հ. Ժորժ-Անրի Րույսէնի Մեծ Եղեռնի եւ այլ կոտորածներու նուիրուած աշխատանքը։

Հ. Ժորժ-Անրի Րույսէն չորս հատորներու մէջ հրատարակած է ցեղասպանութեան, կոտորածներու եւ մեծ եղեռնի նուիրուած ուսումնասիրութիւն։ Նիւթի քննարկման հիմք ծառայած են Վատիկանի զանազան դիւաններ։ Առաջին հատորի մէջ կը ներկայացուի Սուրբ Աթոռի միջնորդութիւնը։ Երկրորդ հատորը կ’ընդգրկէ ՙԱրեւելեան Եկեղցիներու Ժողովի Դիւանի Պաշտօնաթուղթերը՚։ Երրորդ եւ չորրորդ հատորները կը բովանդակեն՝ ՙՎատիկանի Գաղտնի Դիւանի եւ Պետական Քարտուղարութեան Պատմական Դիւանի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի Դիւանի Պաշտօնաթուղթեր։՚
Հ. Րույսէն Յիսուսեան կրօնաւոր է։ Մասնագէտ կանոնագիտութեան եւ դասախօս Հռոմի ՙՔահանայապետական Արեւելեան Համալսարանի՚։
Իր բազմաթիւ կանոնագիտական աշխատանքներուն կողքին ան միշտ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայագիտական հարցերու հանդէպ։ Երբեմն նոյնիսկ վրդովում յայտնած է՝ թէ ինչու հայեր տրամադիր չեն Վատիկանի դիւաններուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարել։

Հատորներու բովանդակութիւնը հետեւեալն է՝

Georges-Henri Ruyssen
I. La Santa Sede e i Massacri degli Armeni, 1894-1896, 2012, 274 էջ
Սուրբ Աթոռը եւ Հայերու կոտորածները
II. La Questione Armena, II, 1894-1896, 2013
Documenti dell’Archivio della Congregazione per le Chiese Orientali, 352 էջ
Հայկական Հարցը։ Արեւելեան Եկեղցիներու Ժողովի Դիւանի Պաշտօնաթուղթերը
III. La Questione Armena, III, 1908-1925, 2014
Documenti dell’Archivio della Congregazione per le Chiese Orientali, 678 էջ
Հայկական Հարցը։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Դիւանի Պաշտօնաթուղթերը
IV. La Questione Armena, IV, 1908-1925, 2015
Documenti dell’Archivio Segreto Vaticano, dell’Archivio Storico della Segreteria di Stato, Sezione per i Rapporti con gli Stati, 631 էջ
Հայկական Հարցը։ Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի եւ Պետական Քարտուղարութեան Պատմական Դիւանի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի Դիւանի Պաշտօնաթուղթեր




Ա. Հատոր
Ա. Նախաբան
Բ. Սասունի կոտորածը եւ Սուրբ Աթոռի միջնորդութիւնը (1894 ամառ մինջեւ 1895ի յունիս)
Գ. Սուրբ Աթոռի միջնորդութիւնը՝ տագնապի մէջ, եւրոպական ուժերու միասնական կեցուածքի բացակայութիւնը եւ նոր կոտորածներ (1895 յունիս մինչեւ յունիս 1896)
Դ. Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետի նամակը սուլթանին, հայկական տագնապի ծանրացումը եւ եւրոպական ուժերու անտարբերութիւնը (յունիս 1896- յունիս 1898)
Ե. Եզրափակում
Զ. Յաւելուած՝ ՙՀայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիմագիծը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորածներու նախօրեակին՚
Է. Մատենագիտութիւն
Դիւանային նիւթեր
Քահանայապետներ
Վատիկանի Վերին Վարչութիւնը եւ քաղաքական պաշտօնաթուղթեր
Հանրագիտարաններ եւ Բառարաններ
Գրքեր եւ Յօդուածներ

Բ. Հատոր
Կրճատումներ եւ համառօտագրութիւններ
Ներածութիւն
Պաշտօնաթուղթեր Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին
Ցանկեր
Օսմանական Եզրաբանութիւններու բառացանկ
Մատենագիտական Ցանկ
Անձնանուններու Ցանկ
Տեղանուններու Ցանկ
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Դիւանի Պաշտօնաթուղթերու Ցանկ

Գ. Հատոր
Կրճատումներ եւ Համառօտագրութիւններ
Ներածութիւն
Առաջին Մաս
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Դիւանի Պաշտօնաթուղթեր
Երկրորդ Մաս
Յաւելուածներ
1. Հաշուեկշիռ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կրած Վնասներուն, Խմբագրուած Թերզեան Պատրիարքի կողմէ
Ա. Ցանկ
Պետութեան կողմէ 1915 թուականին տեղահանուած Քահանաներ
Բ. Ցանկ
Խողխողուած, գնդակահարուած, բարբարոսաբար խաչուած եւ կամ տեղահանութեան ժամանակ երկար արշաւներու կամ տառապանքներու պատճառաւ մահացած եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ
Գ. Ցանկ
Թեմերու վիճակը տեղահանութենէն առաջ եւ վերջ
Դ. Ցանկ
Եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ, որոնք հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարչակարգին մէջ կը մնան, պատրաստ՝ վերսկսելու կաթողիկէ առաքելութիւնը քանդուած Հայաստանի մէջ
2. Ասորիներու, Քաղդէացիներու եւ Հայերու կոտորածները Ուրմիոյ եւ Սալմաստի
Ցանկեր
Օսմանական Եզրաբանութիւններու բառացանկ
Մատենագիտական Ցանկ
Անձնանուններու Ցանկ
Տեղանուններու Ցանկ
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Դիւանին Պատշտօնաթուղթերու Ցանկ


Դ. Հատոր
Կրճատումներ եւ Համառօտագրութիւններ
Ներածութիւն
Առաջին Մաս
Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի եւ Պետական Քարտուղարութեան Պատմական Դիւանի Պետութիւնուններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի Դիւանի Պաշտօնաթուղթեր
Երկրորդ Մաս
Յաւելուածներ
1. Կարդինալ Langénieuxի տեղեկագիրը՝ Mémoire confidentiel
2. 1909ին Լիոն տպուած գրքոյկը՝ Les massacre d’Adana
3. Տեղեկագիր՝ Vérité sur le mouvement arménien et les mesures gouvernementales, Constantiople 1916
4. Հ. Ներսէս Բաղդիկեանի տեղեկագիրը, 1917 Յուլիս 22ին
Ցանկեր
Օսմանական Եզրաբանութիւններու Բառացանկ
Մատենագիտական Ցանկեր
Անձնանուններու Ցանկ
Տեղանուններու Ցանկ
Վատիկանի Գաղտնի Դիւանի եւ Պետական Քարտուղարութեան Պատմական Դիւանի Պետութիւններու հետ Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի Դիւանի Պաշտօնաթուղթերու Ցանկ.








All the contents on this site are copyrighted ©.