2015-04-05 10:41:00

Կարդինալ ֆիլոնիի ճրագալոյցի յարութեան Սուրբ պատարգը իրաքի մէջ


(Ռատիօ Վատիկան)Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ`Կարտինալ ֆիլոնի ճրագալոյցի յարութեան Սուրբ Զոհը  մատուցեց Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքի՝գաղթականներուն հետ, վրանի մը մէջ։

Մեծ թիւով Հաւատացեալներ  իրենց մասնակցութիւնը բերին Աւագ Շաբաթուայ ծիսակատարութեան։ Կիրակի ` Քրիստոսի յարութեան օրը Կարդինալ Ֆիլոնի պատարագ կը մատուցանէ Սուլէյմանիա քաղաքին մէջ մասնակցութեամբ գերապայծառ Ճորճօ Լինկուայի` Իրաքի մօտ առաքելական դեսպանին։ Քահանայապետին յատուկ պատուիրակը, ճրագալոյցի սուրբ պատարագի առթիւ արտասանած քարոզին մէջ խրախուսեց քրիստոնեաները, միացնել իրենց  տանջանքը Քրիստոսի չարչարանքին,  արժէքաւորելով իրենց ցաւն ու տառապանքը  եւ ուրիշներուն ցոյց տալով, որ սոյն ապրումները ի զուր չեն''։

Քարոզի ընթացքին ամբոխէն մէկը աղաղակելով ըսաւ. ՝՝Մենք ոչ մէկ բան ունինք ձեզի տալիք փոխարէնը մեր ստացածին, սակայն՝ կարող ենք միայն մեր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնել ձեզի եւ Սրբազան Հօր։

Կարդինալ ֆիլոնի իր արտասանած քարոզի աւարտին յայտնեց, որ   երկրի իշխանութեան հետ տեսակցութեան ընթացքին անոնց փոխանցած է թէ ան Իրաք չէ եկած շրջագայելու գաղթականներուն միջեւ, այլ՝ ուխտագնացութիւն կատարելու գաղթականներուն  հետ,  ապրելով անոնց  վիշտերը Քրիստոսի յարութեան հեռանկարով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.