2015-05-16 09:31:00

Քաղդէացի պատրիարքի այցելութիւնը Թեհրան։ Իրանը կը նպաստէ Իրաքի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իրանի իսլամ հանրապետութեան կառավարութիւնը անվերապահօրէն նեցուկ կը կանգնի իրաքեան ժողովուրդին ու կառավարութեան, որովհետեւ երկու պետութիւնները ունին միեւնոյն պատմութիւնը ու միեւնոյն մշակոյթը''։ Այս եղաւ Քաղդէացիներու գերերջանիկ պատրիարք` Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյի տպաւորութիւնը, այցելելով Իրանը (12-22 Մայիս)։

Պատրիարքը Իրան կը գտնուի մասնակցելու միջ կրօնական ժողովին, որուն կը մասնակցին Թեհրանի Քաղդէացիներու արքեպիսկոպոս  Ռամզի Կարմու, Իրանի րաբունապետը  եւ հայ առաքելական ու  Ասորի  եկեղեցապետերը։ Ժողովին ընթացքին շէյխ Եոնսէյ Ալի անգամ մը եւս ընդգծեց որ Իրանը պաշտպան կը կանգնի իրաքեան հողին ամբողջականութեան ու շրջանի բոլոր երկիրներու ինքնավարութեան, որ ներկայիս թիրախ են ծայրայեղ ու ահաբեկիչ խումբերու։ Ան մաղթեց որ իրաքցիները կարողանան վտարել ծայրայեղ խումբերը ու վերահաստատել անվտանգութիւնը։

Շէյխ Եոնսէյ Ալի նաեւ հաստատեց որ իր գրասենեակը կը ծրագրէ  պարբերական հանդիպումներ կազմակերպել կրօնական զանազան համայնքներուն հետ։

Քաղդէացիներու  պատրիարքը իր արտասանած զեկոյցին ընթացքին մերժեց այն ժխտական պատկերացումը որով միջազգային մամուլը կը նկարագրէ Իրանը որպէս փակ ու  յետամնաց երկիր մը, յիշեցուց բնիկ քրիստոնեայ համայնքներու դերը շրջանի քաղաքակրթութեան կերտումին եւ ընդգծեց որ Իրանը կարող է ազդեցիկ դեր մը ունենալ ոչ միայն  շրջանի կայունութեան այլ եւ միջ կրօնական գետնի վրայ` իսլամներու ու քրիստոնեաներու համակեցութեան  ու համագործակցութեան ի նպաստ եւ յատկապէս շիիթ ու սիւննի համայնքներու միջեւ խաղաղութեան հաստատումի առումով։

Իրանի միջամտութեամբ կարելի  պիտի ըլլայ դուրս գալ շրջանի պատերազմներէն ու ընդհարումներէն, որոնք կ’արիւնեն մեր շրջանը ու կը տառապեցնեն  համայն ժողովուրդները, յայտնեց Պատրարք Սաքօ որ ապա ընդգծեց թէ  քրիստոնէութիւնը եղբայր օգնութեան ու եղբայրսիրութեան կրօնք է, իսկ իսլամութիւնը կրօնք է ողորմութեան։  Ամենակալ Տէրը ամէնքս պիտի դատէ թէ որքան՞վ եղբայրասէր  ու ողորմած եղանք մէկը միւսին հանդէպ։

Միջկրօնական հանդիպումին աւարտին շէյխ Ալի Եոնսէյ պատրիարքին նուիրեց իւղանկար մը որ կը պատկերացնէ Մարիամը բազուկին վրայ գրկած մանուկ Յիսուսը։ Նշենք որ Իրանին մէջ ներկայիս կաթողիկէ Քաղդէացիները կը հաշուեն շուրջ 13 հազար հաւատացեալ եւ անոնց հոգ հոգւոցով կը զբաղին ութը քահանաներ, որոնցմէ երկուքը բնիկ իրանցիներ են։ Ներկայիս Իրանի մէջ կը բնակին շուրջ 80.000 հայ: Կը գործեն մի քանի տասնեակ հայկական դպրոց:

Իրանահայերու հիմնական մասը արհեստաւորներ են ու առևտրականներ, կան բժիշկներ, իրաւաբաններ ու ճարտարապետներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.