2015-05-21 08:37:00

Սէուտական Արաբիոյ ռմբակոծումներ Եմենի մէջ կը վնասեն կաթողիկէ եկեղեցի մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ատանի Անարատ Յղութեան եկեղեցին, 11 Մայիս 2015-ին, թիրախ դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ ռմբակոծումներուն։ Եկեղեցին վնասուեցաւ սակայն բոլորովին չքանդուեցաւ։  Մայիսին սկիզբը նոյն եկեղեցին  բռնագրաւուած ու կողոպտուի մատուած էր Հութի ապստամբներէն։ Ռմբակոծումը ծանրօրէն վնասեց տանիքը եւ որմնային կառոյցը։

Անարատ Յղութեան եկեղեցին կառուցուած էր 1960-ին եւ կը ներկայացնէ Ատանի քրիստոնեայ   պաշտամունքի երեք վայրերէն մէկը։ Եեմենի մէջ ներկայիս կը գտնուին Քալքութայի մայր Թերեզայի միաբանութենէն  20 կրօնաւորուհիներ եւ հնդիկ կաթողիկէ չորս քահանաներէն մէկը։ Անոնցմէ երկուքը Հնդկաստանի դեսպանատունէն կանչուեցան ու երկրէն հեռացան, իսկ չորրորդը բախումներէն առաջ արդէն երկրէն դուրս կը գտնուէր։








All the contents on this site are copyrighted ©.