2015-09-18 12:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զեկոյցը՝ Վատիկանի աստղադիտարանի գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 18 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ զեկոյց մը տուաւ Վատիկանի աստղադիտարանի կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակիցներուն։

1935 թուականի սեպտեմբերի 25ին, Պիոս ԺԱ. Սրբազան Պապը կը կատարէր Քասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամարանոցի նոր աստղադիտարանի բացումը։ Այդ ժամանակ, Պիոս ԺԱ. Պապ իր խօսքը կը սկսէր աստղադիտարանի գմբեթներէն մէկուն վրայ փորագրուած խօսքերով՝ “Երկրպագենք Արարիչն Աստուած”։

Տիեզերքը աւելի է քան գիտական հարց մը, որուն լուծում պէտք է տրուի, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, աւելցնելով՝ ան ուրախալի խորհուրդ մըն է, որուն մասին կը խորհրդածենք հրճուանքով եւ փառաբանութեամբ։ Նիւթական տիեզերքը, ամբողջութեամբ Աստուծոյ սիրոյն եւ գուրգուրանքին արտայայտութիւնն է։ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացի իր գերագոյն մխիթարութիւնը կը գտնէր երկինքն ու աստղերը դիտելով, որովհետեւ այդ ժամանակ ուժեղ տենչը կը զգար՝ Տիրոջ ծառայելու։

Ապա, Սրբազան Պապը յիշատակեց այն բազմաթիւ անհատները, որոնք տարիներ շարունակ իրենց գիտական պրպտումներով ծառայութիւն մատուցած էին վերահիմնուած աստղադիտարանին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ կրօնքի եւ գիտութեան յարաբերութեան, եւ անոնց մէջ գոյացած երկխօսութեան, նկատելով, որ տիեզերքի գիտական պրպտումները կրնան նաեւ նպաստ մը բերել միջկրօնական երկխօսութեան։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ գնահատեց ներկայ հոգեւորականներու գիտական աշխատանքը, որ վկայութիւն մըն է՝ որ եկեղեցին եւ իր հովիւները կը քաջալերեն գիտութիւնը։

Վերջապէս, Սրբազան Հայրը բարեմաղթութիւններ կատարեց աստղադիտարանի աշխատակիցներուն, բարեկամներուն եւ բարերարներուն, եւ օրհնեց զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.