2015-11-14 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը դատապարտէ Փարիզի վայրագ արարքները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 14 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, Նորին վսեմութիւն Մոզա պինդ Նասսեր Ալ Միսնէտ` Քաթարի Էմիրի երկրորդ տիկինը ու ապա  “Jesuit Refujee Service” հաստատութեան 160 անդամները։

Ի տես Փարիզի ահաբեկչական գործողութիւններուն` Ֆրանչսիկոս Պապ հեռաձայն ային կապով հակիրճ զրոյց ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ''ՍԱԹ 2000'' հեռուստակայանի մէկ լրագրողին հետ ու զրոյցի ընթացքին  յայտնեց իր խոր ցաւն ու կսկիծը Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող վայրագ ահաբեկչական յարձակումներուն համար, որոնք ''անբացատրելի են'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, իր մօտիկութիւնը յայտնելով Ֆրանսայի համայն ժողովուրդին ու արարքին պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցած կամ վիրաւորուած անհատներու ընտանիքներուն, յատուկ աղօթք բարձրացնելով անոնց համար։ 

Լրագրողին այլ մէկ հարցումին պատասխանելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''այս արարքներուն համար չկան արդարացուցիչ ձեւեր, ոչ կրօնական եւ ոչ ալ մարդկային։ Այս մէկը մարդկային չէ։ Ասոր համար իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ բոլոր տառապողներուն եւ համայն Ֆրանսային որ շատ կը սիրեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.