2015-12-19 11:27:00

Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայէլի Րաբունապետութեան երկկողմանի յանձանխումբի հանդիպումը


(Ռատիօ Վատիկան) 13-17 դեկտեմբեր 2015-ին, Երուսաղեմի մէջ տեղի ունեցաւ Իսրայելի Մեծն Րաբունապետութեան պատուիրակութիւններուն եւ Սուրբ Աթոռի Հրէութեան հետ յարաբերութեան յանձանխումբի միջեւ 13-րդ հանդիպումը, որուն խորագիրն է ՝՝Փախստականներն ու Գաղթականները, սպառնալիք կամ հնարաւորութիւն։”

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան, Իսրայելի կողմէ՝ Րաբունապետ Ռասսոն Արուսի իսկ Սուրբ Աթոռի կողմէ Քահանայապետական խաղաղութեան ու արդարադատութեան խորհուհդի նախագահ՝ Կարդինալ Թուրքսոն։

Հանդիպումի աւարտին, միացեալ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուցին՝ թէ մարդկային հսկայ տագնապէն յառաջացած մարտահրաւէրներուն դիմաց, որ կը պատճառեն հազարաւոր գաղթականներ, որոնք կը դիմեն քաղաքական ապաստանի, հրեաներն ու քրիստոնեաները հրաւիրուած են անկարելին ընելու երաշխաւորելու՝ թէ Աստուածային Պատկերը որուն հիման վրայ ստեղծուած է համայն մարկութիւնը, յարգուած ըլլայ ամբողջութեամբ գաղթական ու փախստական ժողովուրդներու մէջ։

Միացեալ հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ այն գիտակցութեան կարեւորութիւնը, թէ գաղթականները ընկալելը օրհնեալ աղբիւր մըն է, եւ պէտք է յարգուած ըլլան անոնք ի սէր մարդակայնականութեան։ Ապա նաեւ՝ գաղթականները յոյժ նպաստաւոր են ընկերութեան զարգացման մէջ դրական աճ արձանագրելու համար։

Երկկողմանի յանձնախումբը յորդորած է օրէնսդիրները, որ անոնք դրական կերպով յառաջ տանին գաղթականութեան հարցի լուծման գործընթացը, հաշուի առնելով գաղթականներուն նախընտրած ժամանումի վայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.