2016-03-18 09:19:00

Եւրոպայի քրիստոնեայ եկեղեցիները զօրակցութիւն կը պահանջեն փախստականներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Եւրոպայի քրիստոնեայ եկեղեցիները Եւրոպայի Միութենէն կը պահանջեն զօրակցութիւն ցուցաբերել գաղթականներուն ու փախստականներուն։

''Եւրոպան պէտք է ու պարտական է աւելին ընել` պաշտպանելու գաղթականներու եւ փախստականներու կեանքերն ու արժանաւորութիւնը'' կը գրեն քրիստոնեայ եկեղեցիները ու անոնց հետ այլ համամիութենական 5 կազմակերպութիւններ, Եւրոպական Միութեան ուղղած իրենց մէկ կոչին մէջ։  

Եւրոպայի եկեղեցիները կը խնդրեն որ յարգուի միջազգային իրաւունքը եւ երաշխաւորուի  գաղթականներուն անցքը` միանալու համար իրենց ընտանիքի պարագաներուն։ Այս իրականացնելու համար, կր գրեն Եւրոպայի Եկեղեցիները, հարկաւոր է համագործակցութիւնը Պետութիւններու միջեւ։ Անոնք ապա կը  խնդրեն որ Թուրքիան յարգէ ստանձնած պարտականութիւնները ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղեն ամէն ջանք թափելու` Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի սպաս, մաղթելով որ արդարութիւն ու ազատութիւն տրուի կրօնական բոլոր փոքրամասնութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.