2016-06-02 08:46:00

2016-ի Յունիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2016-ի Յունիս ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի տարեցները, անտեսուածները ու միայնակ ապրող անձերը, մեծ քաղաքներուն մէջ եւս գտնեն հանդիպումի եւ զօրակցութեան հնարաւորութիւններ։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի նորընծաները, նոր ուխտեալ նուիրեալ անձերը հանդիպին կազմաւորողներու որոնք կ՛ապրին Աւետարանի ուրախութիւնը ու իմաստութեամբ պատրաստեն զանոնք առաքելութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.