2016-08-09 09:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Մեքսիքոն հարուածող ''Էրլ'' Մրրիկին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 8 օգոստոս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը մը յղած է Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, որուն մէջ իր ցաւն ու վիշտը կը յայտնէ սիրելի Մեքսիքացի ժողովուրդին, երկիրը  հարուածող ԷՐԼ մրրիկին պատճառած զոհերուն համար, ապա իր մօտիկութեան զգացումները կը փոխանցէ վնասներ կրած բոլոր ընտանիքներուն։

Հեռագիրին մէջ  Սրբազան Քահանայապետը Տիրոջմէ կը խնդրէ որ թիկունք կանգնի Մեքսիքայի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին անոնց մէջ արթնցնելով զօրակցութեան հոգին­, ապա բոլորին կը շնորհէ առաքելական իր օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.