2016-08-10 11:41:00

Ռայի Պատրիարք ''Իսլամներուն հետ պահելու ենք Արեւելքի արաբական գեղեցիկ դիմագիծը''։


Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ և հովանաւորութեամբ, Կիրակի, 7 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոն»ի բացման և օրհնութեան արարողակարգը:

Ի շառս բազմաթիւ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու վերոնշեալ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ   Մարոնի համայնքի պատրիարք գերերջանիկ Պէշարա Ռաաի կարդինալը որ այս առթիւ ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը որուն մէջ յայտնեց ''2015-ին մէկուկէս միլիոն հայ, ինչպէս նաեւ ասորի եւ քաղդէացի նահատակներուն արիւնը դարձաւ քրիստոնէական սերմ, որով բոլոր եկեղեցիները իրենց մնացորդացներով կրկին աճեցան, մեծցան ու տարածուեցան աշխարհով մէկ` պահելով իրենց միասնակամութիւնը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:

Մարոնիներու պատրիարքը անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան ըսաւ, թէ քրիստոնեաները, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, կ՛ապրին տարբեր տեսակի ցեղասպանութիւններ ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու, ահաբեկչական կազմակերպութիւններու բարբարոսութիւններուն եւ մեծ պետութիւններու շրջանային շահերուն պատճառով, ապա հաստատեց, որ քրիստոնեայ եկեղեցիները հաստատուն պիտի մնան, կրկին պիտի աճին ու մեծնան իրենց նահատակներուն արիւնով, որ շաղախուած է Յիսուսի արեամբ ու անոր յարութեան ուժով':

Պատրիարքը ապա նշեց թէ «Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներս, կը նկատենք, որ մեր ներկայութիւնը Արեւելքի մէջ խիստ կենսական է: Քրիստոնէութիւնը իսլամութենէն 600 տարի առաջ  իր մտաւոր, աստուածաբանական եւ քաղաքակրթական բեղուն գործունէութեամբ,  արաբական Արեւելքը հարստացուց մարդկային,  մշակութային, պատմական եւ գիտական ուշագրաւ ձեռքբերումներով, միաժամանակ կամուրջ դարձաւ Արեւմուտքին հետ` պահելով մշակութային եւ գիտական առողջ յարաբերութիւն: Փոխադարձաբար կը նկատենք, որ իսլամութիւնը իր հարուստ ու բազմաբնոյթ արժէքներով անհրաժեշտութիւն է արաբական աշխարհին համար, պայմանաւ որ կասեցնէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ Աստուծոյ եւ իսլամութեան անունով բռնութեան գործադրութիւնը: Մենք եւ իսլամները հրաւիրուած ենք պահելու Արեւելքի արաբական գեղեցիկ դիմագիծը` զանց առնելով  կրօնական, դաւանական, լեզուական, ցեղային բոլոր տարբերութիւնները»:

Մարոնի համայնքի Պատրիարքը ընդգծեց ապա  թէ հայերը եւ քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ կառչած կը մնան խաղաղ համակեցութեան սկզբունքին, մշակութային եւ կրօնական բազմազանութեան  գծով  միշտ դրական դեր կ՛ունենան պետութեան մը մէջ, որ կը պատկանի արաբական ընտանիքին եւ կը պահէ հաւասարակշռութիւնը բոլոր պետութիւններուն հետ, կ՛աշխատի խաղաղութեան, արդարութեան եւ ներքին միասնակամութեան իրականացման համար:

Ան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ, որոնք այս երկրի պաշտպանը կը հանդիսանան,  երանելի Մալոյեանի արձանին առջեւէն կը պահանջենք կուսակցութիւններէն եւ քաղաքական խմբաւորումներէն օր առաջ ընտրել Լիբանանի նախագահ», ապա եզրափակեց. «Մեր աչքերը, միտքն ու սրտերը կը վերցնենք դէպի երկինք եւ կը խնդրենք նահատակ սուրբերէն, որ ամրացնեն Արեւելքի քրիստոնեաներուն կամքը եւ ուժ տան դիմակայելու չարին` Յիսուսի խաչին զօրութեամբ եւ յարութեամբ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.