2016-08-15 13:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքը Վերափոխման տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի` 15 օգոստոս 2016-ին, Վերափոխման տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց  Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան Աւետարանէն քաղուած խորհրդածութիւն մը ուր կը պատմուի Սուրբ Կոյս Մարիամին` Եղիսաբեթին տուած այցելութեան մասին։

Մարիամ, ըսաւ Սրբազան Պապը, առաջինը եղաւ որ հաւատաց Աստուծոյ որդոյն, ու եղաւ առաջինը որ վերափոխուեցաւ երկինք հոգւով եւ մարմնով։ Ան առաջինը եղաւ որ ի գիրկը առաւ Մանուկ Յիսուսը ու առաջինը եղաւ որ ընդունուեցաւ Հօր Աստուծոյ արքայութեան մէջ։

Մարիամին վերափոխումը մեծ խորհուրդ մըն է որ կը հայի մեզմէ ամէն մէկուն ու կը հայի մեր ապագային, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, ու հրաւիրեց մտաբերել բոլոր կիները որոնք կ՛ապրին կեանքի ծանրութեան ու բռնութեան ողբերգութեան տակ, ստրուկ կիները, մանուկ աղջիկները որոնք ստիպուած են տմարդկային աշխատանքի ենթարկուիլ, կամ անոնք որոնք ստիպուած են իրենց մարմինը վաճառել, մաղթելով որ անոնց համար հասնի խաղաղութեան, արդարութեան, եւ սիրոյ կեանքը ուր կարենան իրենց վրայ զգալ ձեռքեր որոնք զիրենք չեն խոնարհեցներ այլ քնքշութեամբ զանոնք կը բարձրացնեն դէպի երկինք։

Սրբազան Պապը ապա հրաւէր ուղղեց վստահութեամբ դիմելու Մարիամին, Երկնքի անուշ Թագուհիին, ու անորմէ խնդրելու. «Տուր մեզի խաղաղութեան օրեր, հսկէ մեր ուղեւորութեան վրայ, ըրէ որ տեսնենք քու զաւակդ, լի Երկնքի ուրախութեամբ»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան Աղօթքը ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնեց աշխարհի զանազան վայրերու այն ժողովուրդներու  ցաւերը որոնք կ՛ապրին պատերազմներու մէջ, յատկապէս մտաբերելով Քոնկոյի Հանրապետութեան Հիւսիսային Քիվուն որուն բնակչութիւնը վերջերս թիրախ դարձած է նոր ջարդերու ու հայցեց որ Սուրբ Կոյս Մարիամը բոլորին համար ընդունի հասկացողութեան ու համերաշխութեան իղձեր։

Սրբազան Քահանայապետը ապա բոլորին մաղթեց բարի վերափոխման տօն ու ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.