2017-01-26 08:36:00

Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ եզրափակիչ Ս. Պատարագ ''Աստուծմէ հայցենք միութեան պարգեւը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 25 Յունուարի երեկոյեան, քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս եւ Պօղոս Առաքեալի դարձի տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, համամիութենական ժամերգութեան ընթացքին քարոզ մը տուաւ, ուր անդրադարձաւ քրիստոնեաներու միութեան հարցին, որ Աստուծոյ պարգեւն է։ Յիսուսի հետ հանդիպումը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, արմատապէս փոխեց Սուրբ Պօղոսի կեանքը։ Այդ պահէն սկսեալ, առաքեալին համար գոյութեան իմաստը այլեւս օրէնքի հետեւելու ուժին մէջ չէր, այլ իր ամբողջ երախտագէտ սիրով միանալու խաչեալ եւ յարուցեալ Յիսուսի Քրիստոսի։

Հեթանոսներու Առաքեալին համար, մարդուն հաշտութիւնը Աստուծոյ հետ, պարգեւ մըն է՝ տրուած Քրիստոսէ (հմմտ Բ. Կոր Ե. 20)։ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան կարգախօսն է՝ «Քրիստոսի սէրը մեզ հաշտութեան կը մղէ» (հմմտ Բ. Կոր Ե. 14-20)։ Այստեղ «Քրիստոսի սէրը» ըսելով, առաքեալը նկատի ունի Քրիստոսի սէրը մեզի հանդէպ եւ ոչ թէ մեր սէրը Անոր հանդէպ։ Հետեւաբար նաեւ հաշտութիւնը, որուն Եկեղեցիները կը ձգտին, մարդու նախաձեռնութիւնը չէ։

Առաջին հերթին, ան հաշտութիւն մըն է, որ Աստուած մեզի կը հրամցնէ Քրիստոսի միջոցաւ։ Այս հեռանկարով, մենք կրնանք մեզի հարց տալ, թէ ի՞նչ կերպով պէտք է հռչակենք հաշտութեան այս Աւետարանը՝ դարերու բաժանումէ ետք։ Նոյն Պօղոս Առաքեալը, կʼօգնէ մեզի գտնելու ճանապարհը։ Ան կʼընդգծէ, որ Քրիստոսի մէջ կատարուած հաշտութիւնը չի կրնար կատարուիլ առանց զոհողութեան։ Յիսուս իր կեանքը տուաւ, մահանալով բոլորին համար։ Նոյնպէս, հաշտութեան դեսպանները կոչուած են, Անոր անունով, իրենց կեանքը տալու, եւ ապրելու ոչ իրենք, այլ Ան, որ մահացած եւ յարութիւն առած է, ինչպէս կʼըսէ առաքեալը՝ «Քրիստոս մեռաւ, որպէսզի անոնք որոնք կենդանի են, ոչ թէ իրենց կեանքը կʼապրին, այլ անոր կեանքը, որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր Ե. 14-15)։

Որպէսզի Եկեղեցին ճիշտ ճանապարհը գտնէ՝ պէտք է միշտ հայեացքը ուղղէ Տիրոջ – այդ պէտք է ըլլայ Եկեղեցւոյ կեանքին ծրագիրը։ Եթէ մենք ապրինք Քրիստոսի համար կատարուած մահացումը, այն ժամանակ մեր հին կեանքի կերպը կʼանցնի անցեալին, եւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալին պատահեցաւ, մուտք կը գործենք գոյութեան նոր կերպի մը մէջ։ Սուրբ Պօղոսի հետ կրնանք կրկնել՝ «Հին բաները անցած են» (Բ. Կոր Ե. 17)։

Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ուժ առնենք անցեալի յիշողութենէն, յիշենք այն բարիքը, որ ստացած ենք Տիրոջմէ. սակայն մեզմէ կը պահանջէ նաեւ մեր ետին լքել անցեալը, հետեւելու համար Քրիստոսի եւ նոր կեանք մը ապրելու Անոր մէջ։ Այն պարագան, թէ այսօր կաթողիկէներ եւ լուտերականներ, միասնաբար կը յիշատակեն քրիստոնեաներու բաժանումի դէպք մը, կարեւոր հանգրուան մըն է, որուն հասած ենք Աստուծոյ շնորհքով եւ աղօթքով, անցնելով յիսուն տարուան փոխադարձ ճանաչումէ եւ համամիութենական երկխօսութենէ։

Սրբազան Պապը ողջունեց ներկաները, զանազան յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները եւ Քրիստոնեաներու Միութեան Յառաջացումի Քահանայապետական Խորհուրդի անդամները։ Խօսքը փակեց նկատելով, թէ քրիստոնեաներու միութեան համար կատարուած մեր աղօթքը՝ մասնակցութիւն է Քրիստոսի կատարած աղօթքին, որ Իր չարչարանքներէն առաջ կը դիմէր Հօր ըսելով «որպէսզի բոլորը ըլլան մի» (Յովհ ԺԷ. 21)։ «Աստուծմէ խնդրենք այս պարգեւը՝ առանց յոգնելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.