2017-03-01 08:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը իտալական ''Scarp de’ tenis'' պարբերաթերթին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ամպրոզեան Քարիթասի եւ իտալիոյ Քարիթասի պատկան ''Scarp de’ tenis'' պարբերաթերթը` 28 փետրուար 2017-ի իր թիւին մէջ հրատարակած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ` Սանթա Մարթայի Տան մէջ տեղի ունեցած յատուկ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պատասխանած է պարբերաթերթի ուղղած զանազան հարցումներուն որոնց շարքին ''Յարմա՞ր է ողորմութիւն տալ անոնց որոնք մուրացկանութիւն կ՛ընեն ճամբաներու վրայ։ Ո՞րն է առաջին խօսքը որ Ան կ՛ըսէ երբ կը հանդիպի անօճախ մարդու մը....։ 

Երկարատեւ զրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով թերթին անունին ''Scarp de’ tenis'' այսինքն Tenis-ի կօշիկներ, հաստատած է թէ շատ դժուար է ուրիշներուն կօշիկները հագնիլ որովհետեւ յաճախ մենք ստրուկ ենք մեր եսասիրութեան։ Մարդիկ արդարեւ կը նախընտրեն մտածել իրենց  անձնական հարցերուն ու կը մերժեն տեսնել ուրիշին ցաւն ու դժուարութիւնը։ Մինչ ուրիշին կօշիկը հագնիլը կը նշանակէ կարողութիւնը ունենալ` հասկնալ ու հասկացողութիւն ցուցաբերել։ Թէեւ շատ անգամ մարդկայնութեան այս պակասը լեցնելու համար կը դիմենք դատարկ խօսքերու` կը խօսինք ու կը խօսինք ու խրատներ կու տանք, փոխանակ վեհանձնութիւնը ունենալու ուրիշին կօշիկը հագնելու ըսած է Սրբազան Քահանայապետը։

 

Խօսելով մուրացկաններու մասին Նորին Սրբութիւնը յայտնած է թէ կարելի է անոնց նայիլ որպէս մարդ էակներ եւ կամ որպէս անասուն, եւ թէ անոնք կարող են հասկնալ այդ հայեացքներու տարբերութիւնը, ապա հրաւիրեց ողորմութիւնը կատարել նայելով աղքատին աչքերուն եւ ոչ թէ խուսափելով անկէ։

Ակնարկելով հուսկ գաղթականութեան հարցին Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց թէ գաղթականները իրաւունք ունին հիւրընկալուելու եւ օգնութիւն ստանալու եւ այս մէկը պէտք է գործադրուի Քրիստոնէական առաքինութեամբ որ է ''զգուշութիւնը'' որ  պէտք է դառնայ նաեւ կառավարիչներու առաքինութիւն։ Այս կը նշանակէ ընկալել բոլոր անոնք որոնք կարելի է հիւրընկալել սակայն միաժամանակ խորհրդածել նաեւ հիւրընկալութեան ''ձեւի'' մասին, որովհետեւ հիւրընկալել կը նշանակէ նաեւ ''ներառել'' եւ ահա այս է գաղութականութեան երեւոյթին ամէնէ դժուար հարցը, որովհետեւ յաճախ գաղթականները չեն ներառուիր եւ կը կղզիացուին - յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատասխանելով այն հարցումին թէ ինչի կարօտը կը զգայ Պուէնըս Այրէսի ապրած ժամանակէն,  Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ ինք կը կարօտի այն հնարաւորութեան` ազատօրէն շրջելու ճամբաներու վրայ։ ''Ես կը սիրեմ այցելել ժողովրդապետութիւնները ու հանդիպիլ մարդկանց ուրիշ կարօտ չունիմ'' աւելցուց ան ապա  ակնարկելով յառաջիկայ Մարտին Միլանօ կատարելիքհովուական այցելութեան յայտնեց թէ ինք Միլանոն չի ճանչնար եւ թէ անցեալին զայն այցելած է միայն մէկ անգամ մի քանի ժամուան համար։  ''Մեծ ցանկութիւն ունիմ այնտեղ հանդիպելու բազմաթիւ մարդոց'' ըսած է Քահանայապետը զրոյցի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.