2017-05-06 13:12:00

Քահանայական կոչումներու 54-րդ համաշխարհային օր. Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 7 մայիսին կը նշուի Կոչումներու 54-րդ համաշխարհային օրը այս առթիւ` անցեալ նոյեմբեր ամսուայ հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին օրուան յատկացուած պատգամը որուն բնաբանն էր ''Մղուած Սուրբ Հոգիէն առաքելութեան համար''։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կը կատարէ քրիստոնէական կոչումի ''միսիոներական'' ծաւալի մասին։

''Այն որ հրապուրուեցաւ Աստուծոյ ձայնէն ու հետեւացաւ Յիսուսին, շուտով իր մէջ կը զգայ այն զօրեղ իղձը` եղբայրներուն տանելու Բարի Լուրը, աւետարանութեան եւ եղբայրօգնութեան միջոցաւ...Աշակերտը` Աստուծոյ սիրոյ շնորհքը չ՛ընդունիր անձնական մխիթարութեան մը համար, ան չէ կանչուած ինքզինք տանելու եւ ոչ ալ խնամելու ''ընկերութեան'' մը շահերը, ան որ  բարեփոխուած է Աստուծոյ սիրոյ ուրախութեամբ կարող չէ իրեն համար յատկացնել այդ փորձառութիւնը, որովհետեւ Աւետարանի ուրախութիւնը որ կը լիացնէ աշակերտներու հասարակութիւնը` միսիոներական ուրախութիւն է'' կը գրէ Քահանայապետը վերոնշեալ պատգամին մէջ հաստատելով թէ ''Միսիոներական յանձնառումը սիրտն է  քրիստոնէական հաւատքին'' եւ թէ նոյնիսկ եթէ մենք տկար ու դիւրաբեկ ենք, ''Աստուած ինքն է որ մեր ''անմաքուր շրթները'' կը բիւրեղացնէ ու մեզ կարող կը դարձնէ առաքելութեան''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.