2017-12-09 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յիսուսի Սուրբ Սիրտ միսիոնարներ անուամբ միաբանութեան անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին՝ կէսօրին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց  Յիսուսի Սուրբ Սիրտ միսիոնարներ միաբանութեան աւելի քան 250 անդամները, միաբանութեան հիմնադիր՝ Սրբուհի Ֆրանչեսքա  Սավերիօ Քապրինիի ծննդեան 100 ամեակին առիթով։

Սրբուհի Քապրինին ծնած էր 17 դեկտեմբեր 1917-ին, եւ ամբողջ իր կեանքին տեւողութեամբ ՝ 24 անգամ  Ովկիանոսեան ջուրերը կտրելով, օգնութեան հասած եւ խնամք տարած է  Ամերիկեան ցամաքամաս հասնող գաղթականներուն։  Սրբուհի Քապրինի,  հոգին աւանդած է իր վերջին ճամբորդութեան ընթացքին՝ Միացեալ Նահանգներու Չիքակօ քաղաքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսի Սուրբ Սիրտի միսիոնարներ միաբանութեան անդամներուն ուղղած ճառին մէջ լայն օրէն անդրադարձաւ Սրբուհհի Քապրինիի առաքելութեան , որ «երիտասարդ հասակին հիմնելով Յիսուսի  Սուրբ Սիրտ միսիոնարներու միաբանութիւնը, ամբողջ կեանքը  նուիրեց  գաղթականներուն ,  փնտռելով եւ կատարելով  Աստուծոյ կամքը»,   ըսաւ Սրբազան Հայրը ներկայացնելով  Սրբուհիին կոչումը , որպէս իսկական կոչումի տիպար , որ  իր հիմքը կը գնտէ անձնուրացումի մէջ ամբողջութեամբ ապաւինելու  համար Աստուծոյ սիրոյն։     

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց ժամանակակից աշխարհի գաղթականութեան երեւոյթին վրայ, դիտել տալով որ  գաղթականներու թիւը  աճ արձանագրած  եւ այժմէական հարց մըն է,  ուր ՝ տառապանքի եւ աղքատութեան  մէջ գտնուող մարդոց, կիներու եւ մանուկներու նոր դէմքեր,  դարձեալ  մեր աչքերուն  դիմաց կը գտնուին , որոնք  սպասումի մէջ են,  գտնելու համար իրենց ձեռք տուող  եւ ընկալող մարդիկ,   ինչպէս   եղաւ Մայր Քապրինին, յարեց Սրբազան Պապը մաղթելով  միաբանութեան անդամներուն որ Տէրը անոնց մէջ վերանորոգէ  ուշադրութեան եւ ողորմածութեան հայեացքը՝ որպէսզի անոնք զայն սեւեռեն մեր քաղաքներուն եւ երկիրներուն մէջ ապրող չքաւորներուն ։

Ֆրանչիսկսո Պապ հուսկ անդրադարձ կատարեց  Սբրուհիի Քապրինիի  հոգեւոր կեանքին,  յայտնելով թէ   ան իր  կեանքը ապրեցաւ  Յիսուսի Սուրբ Սիրտի  հոգեւորականութեամբ, եւ քայլ առ քայլ  ամբողջ կեանքը նուիրեց  Յիսուսի Սուրբ Սիրտը մխիթարելու ,  սիրելու  եւ զայն բոլորին ճանչցնելու ։

Վերջապէս Նորին Սրբութիւնը ,  Սրբուհիին ծննդեան յոբելեանը համարելով  յոյժ կարեւոր,  դիտել տուաւ, որ Սրբուհին բոլորիս  յիշել կու տայ թէ   կայ  հաւատքի պահանջը , որ գիտէ ընկալել  մեր ապրած շնորհքի պահը,  եւ մեր ժամանակուան  նշանները  կարդալ  Աստուծոյ խօսքին լոյսի ներքոյ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց շնորհելով բոլորին վրայ իր առաքելական  օրհնութիւնները եւ ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.