2018-01-24 11:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Գերմանիոյ մէջ Եազիտի հասարակութեան ներկայացուցիչները


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, առաւօտեան 9,00-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճէն ներս ընդունեց եւ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Գերմանիոյ մէջ Եազիտի հասարակութեան ներկայացուցիչներուն:  

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ ողջունելէ ետք ներկաները  Եազիտի հասարակութեան ներկայացուցիչներէ խնդրեց որ իր սիրալիր ողջոյնները փոխանցեն նաեւ համայն աշխարհի Եազիտի հասարակութիւններուն  մասնաւորաբար  Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ բնակողներուն։ Ան ապա վերանորոգեց իր զօրակցութիւնը բարբարոսական ու անմարդկային արարքներուն թիրախ՝ անմեղ զոհերուն,  անընդունելի նկատելով,  որ մարդ էակներ հալածուին ու սպաննուին՝ իրենց կրօնային պատկանելիութեան համար, ընդգծելով որ  իւրաքանչիըր անհատ իրաւունք ունի ազատազօրէն իր հաւատքը դաւանելու՝ առանց  որեւէ արգելքի։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Եազիտներու մշակութային ու հոգեւոր պատմութեա ՝ ցաւ յայտնելով որ այդ պատմութիւնը  նշուած է մարդկային անձի հիմնական իրաւունքներու խախտումներով, զօր օրինակ ստրկութիւն-, ձերբակալում, տանջանք, սպանութիւն ու բռնի  կրօնափոխութիւն:

Եազիտներու բազմաթիւ պաշտամունքի վայրերն ու սրբավայրեր  կործանուած են ու Եազիտիտներու մէջ  ամենէն բախտաւորները  փախուստ տուած են թողելով իրենց ամենէն սիրելի ու սուրբ ինչքերը – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նշելով թէ  աշխարհի շատ մը վայերուն մէջ տակաւին գոյութիւն ունին  կրօնային ու ցեղային փոքրամասնութիւններ որոնց շարքին քրիստոնեաներ՝ որոնք հալածուած են իրենց  դաւանած հաւատքին համար,  դիտել տալով որ Սուրբ Աթոռը երբեք չի յոգնիր միջոցառումներ որդեգրելէ՝ դաարտտելու համար նման  կացութինները՝  պաշտպանութիւն,  յարգանք ու ճանաչում պահանջելով այդ փոքրամասնութիւններուն համար»  ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով որ Սուրբ Աթոռը միաժամանակ երկխօսութեան ու համերաշխութեան  հրաւէր կ՝ուղղէ դարմանելու համար բոլոր վէրքերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ անգամ մը եւս կոչ ուղղելով յարգելու Եազիտներու իրաւունքները,  յիշեց Եազիտի հասարակութեան  այն անդամները որոնք տակաւին կը գտնուին ահաբեկիչներու ձեռքերուն մէջ մաղթելով որ ամէն ինչ կատարուի անոնց փրկութեան   համար ու ջանք չի խնայուի տակաւին անյայտ վիճակի մէջ գտնուող անձերը գտնելու ու  անոնց ինքնութիւնը բացայայտելու համար,  իսկ սպաննուածներուն արժանավել յուղարկաւորութիւն ապահովեցնելու։  

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց խնդրելով   միջազգային ընտանիքէն որ  լուռ հանդիսատեսներ չի մնան  Եազիտներու ողբերգութեան դիմաց  Քաջալերելով հաստատութիւններն ու այլ հասարակութիւններու պատկան  բարի կամք ունեցող անձերը  նպաստելու Եազիտներու  բնակարաններու ու պաշտամունքի վայրերու  վերակառուցման աշխատանքներուն:

«Թող Աստուած օգնէ մեզի միասնաբար կառուցելու համար  աշխարհ մը ուր կարելի ըլլայ ապրիլ  խաղաղութեամբ ու եղբայրութեամբ» Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խօսքը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.